Տեղի ունեցաւ Լիբանանի Մարտահրաւէրի բաժակի կիսաւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը: ՙՀիքմէ՚ մրցեցաւ ՙԱխաա Ահլի Ալէյ՚ի դէմ Թրիփոլիի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ եւ զիջեցաւ միակ կոլով: 61-րդ վայրկեանին, Սայիտ Սաատ հեռահար հարուածով նշանակեց ՙԱխաա Ահլի՚ի կոլը: Ստորեւ տեսնել արձանագրուած արդիւնքը.
– Հիքմէ – Ախաա Ահլի Ալէյ 0-1
Աւարտական մրցումին, ՙՍաֆա՚ պիտի մրցի ՙԱխաա Ահլի Ալէյ՚ի դէմ: