Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅՐԵՆԻ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

August 17, 2022
in Գաղութային
0
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅՐԵՆԻ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերը հաւաք մը ունեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքէն ներս, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Նորին Ս. Օծութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ս. Աստուածածին վանքի Ուխտի Օրուան եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նշման մեծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեան համար: Ապա, ան միաբան հայրերուն կարգ մը յիշեցումներ կատարեց եւ անոնց առաքելութեան ու յառաջիկայ գործունէութեան առնչուած իր հայրական ցուցմունքներն ու թելադրանքները փոխանցեց:

Հաւաքի ընթացքին յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի ՙՍուրմալու՚ առեւտրական կեդրոնին մէջ վերջերս պատահած պայթումին, որուն հետեւանքով զոհուեցան հայորդիներ, եղան անհետ կորածներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Միաբան հայրերը իրենց ցաւն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին հայրենի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն եւ իրենց աղօթքը վերառաքեցին առ Աստուած, որ լոյս խորաններու մէջ հանգչեցնէ զոհուածներուն հոգիները, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ վիրաւորներուն եւ ոյժ ու համբերութիւն տայ մեր հայրենակիցներուն:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Next Post

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆ. ՙՄՏԻԿ ՉԸՆԵԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԷՐԻ՚

Next Post
ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆ. ՙՄՏԻԿ ՉԸՆԵԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԷՐԻ՚

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆ. ՙՄՏԻԿ ՉԸՆԵԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԷՐԻ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.