Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Sensor ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

August 16, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
Sensor ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Sensor երաժշտութեան եւ ժամանակակից արուեստի միջազգային փառատօնը տեղի պիտի ունենայ 10-12 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ, Օրկովիի մէջ գտնուող Փարիս Հերունիի աստղադիտարանի տարածքին:

Միջոցառման չորս երաժշտական բեմերու վրայ պիտի հիւրընկալուին Աւստրիայէն, Հայաստանէն, Բելճիքայէն, Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն, Վրաստանէն, Իսրայէլէն, Իտալիայէն, Հոլանտայէն, Ռուսիայէն, Ռումանիայէն, ԱՄՆ-էն, Թայուանէն, Ֆրանսայէն, Շուէտէն, Ճափոնէն ժամանած աւելի քան 80 արուեստագէտներ:

Փառատօնը կը նախատեսէ արուեստի ծաւալուն ծրագիր, որուն կը մասնակցին աշխարհահռչակ մետիա արուեստագէտներ:

Աստղադիտարանի կեդրոնական կէտը 54 մեթրնոց ռատիօ-օփթիքական աստղադիտակն է` միջոցառման խորհրդանիշը եւ լազերային մետիայ հարթակը, իսկ փառատօնի երաժշտական բեմերը տեղակայուած են աստղադիտակի յարակից տարածքներուն մէջ:

Sensor-ի արուեստի ծրագրին աստղերը` աւստրիացի նկարիչ Փիթըր Քութինը, իտալացի նկարիչ Ֆրանչեսքօ Թոսինին եւ աւստրալացի նկարիչ Թօնի Պաքը փառատօնի հանդիսատեսին համար եզակի կէտեր կը պատրաստեն:

Sensor-ը լիարժէք եռօրեայ փառատօն է: Կը կազմակերպուի բանակում, ուր հիւրերը կրնան տեղադրել իրենց սեփական վրանը կամ վարձել արդէն տեղադրուածը:

Պիտի գործէ սնունդի կէտ` ընդարձակ ճաշացանկով: Միջոցառման ամբողջ ընթացքին ընկերային ակումբի մուտքը բաց պիտի ըլլայ: Փառատօնի կայացման վայր Երեւանէն եւ հակառակ ուղղութեամբ կրնաք հասնիլ Sensor-ի` 30 վայրկեան մէկ գործող փոխադրութեան երթուղիներով:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԱՅՍ ԾԱՆՐ ՊԱՀՈՒՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԷՏՔ Է ԶԻՆՈՒԻ ՏՈԿՈՒՆՈՒԹԵԱՄԲ՚.

Next Post

ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻՆՉԵՒ 20 ՏԱՐԵԿԱՆ ԿԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Next Post

ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԻՆՉԵՒ 20 ՏԱՐԵԿԱՆ ԿԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.