Ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետը յայտարարե, որ ֆրանսական վերջին ուժերը հեռացան Մալիէն: Անոնք իրենց Կաօ քաղաքին մէջ գտնուող կեդրոնատեղին յանձնեցին Մալիի բանակին: Ֆրանսա այս քայլով կը դադրեցնէ իր օժանդակութիւնը Մալիի բանակին, որ կը պայքարի իսլամ ծայրայեղականներու դէմ Պուրքինա Ֆասոյի հետ սահմանի երկայնքին: Իսլամ ծայրայեղականները աշխուժացած էին մանաւանդ երկրին մէջ պատահած պետական հարուածէն ետք 2012 թուականին, որ իշխանութեան հասցուց հակաարեւմուտք զինուորականներ: