Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ սպառնաց զինուորական յատուկ գործողութիւն կատարել եւ պատժել հայերը, եթէ անոնք կրկնեն, ըստ իրեն, իրենց ոտնձգութիւնները: Որեւէ զինուորի մահուան պարագային, ըսաւ Ալիեւ, մենք պիտի դիմենք պատժիչ քայլերու, ինչպէս որ կատարեցինք անցեալ շաբթուան ընթացքին: