Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՍԻՒՓԸՐ ԲԱԺԱԿ

ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՇԱՀԵՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԸ

August 12, 2022
in Մարզական
0
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՍԻՒՓԸՐ ԲԱԺԱԿ

Չորեքշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Սիւփըր բաժակի մրցումը, Չեմփիընզ Լիկի ախոյեան` Սպանիոյ ՙՌէալ Մատրիտ՚ի եւ Իւրոփա Լիկի ախոյեան` Գերմանիոյ ՙԱյնթրախթ Ֆրանքֆորթ՚ի միջեւ, Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մարզադաշտին վրայ: Մրցումի ընթացքին, ՙՌէալ Մատրիտ՚ ունէր տարածքային առաւելութիւն, որ հասաւ 58 առ հարիւր համեմատութեան: Ան օգտագործեց այս առաւելութիւնը եւ կատարեց 7 դիպուկ ու 3 անկիւնային հարուած, որոնցմէ երկուքը կոլի վերածեցին աւստրիացի պաշտպան Տաւիտ Ալապա 37-րդ վայրկեանին, Քազեմիրոյի փոխանցումով եւ ֆրանսացի յարձակող Քարիմ Պենզեմա 65-րդ վայրկեանին, Վինիսիուս Ժունիորի փոխանցումով: ՙԱյնթրախթ՚ իր կարգին կրցաւ կատարել 3 դիպուկ ու 1 անկիւնային հարուած: Մրցումը աւարտեցաւ ՙՌէալ Մատրիտ՚ի յաղթանակով: Ստորեւ տեսնել արձանագրուած արդիւնքը

– Ռէալ Մատրիտ (Սպ. ) – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ (Գեր.) 2-0

Եւրոպայի Սիւփըր բաժակի մրցաշարքը սկսած է 1973 թուականին: Մրցումը տեղի կ’ունենայ Չեմփիընզ Լիկի ախոյեանին եւ Իւրոփա Լիկի ախոյեանին միջեւ: Ժամանակին ան տեղի կ’ունենար Եւրոպայի ախոյեաններու բաժակը շահողին եւ ՈՒԵՖԱ-ի բաժակի ախոյեանին միջեւ: Տիտղոսը շահած են ՙՌէալ Մատրիտ՚, ՙՊարսելոնա՚« ՙԱՍ Միլան՚` 5-ական անգամ, ՙԼիվըրփուլ՚` 4 անգամ, ՙԱթլեթիքօ Մատրիտ՚` 3 անգամ եւ 19 այլ ակումբնե

ր աւելի քիչ անգամ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՆՉԵՒ  Ե՞ՐԲ… ՄԻՆՉԵՒ  Ո՞ՒՐ

Next Post

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԷՆ` ՎՃԱՐՈՒՄԻ ՆՈՐ ՁԵՒ

Next Post
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԷՆ` ՎՃԱՐՈՒՄԻ ՆՈՐ ՁԵՒ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԷՆ` ՎՃԱՐՈՒՄԻ ՆՈՐ ՁԵՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.