Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՏՈԼԱՐԻ ՓՈԽԱՐԺԷՔԸ

August 9, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՏՈԼԱՐԻ ՓՈԽԱՐԺԷՔԸ

Մեթնի երեսփոխան եւ խորհրդարանի ելեւմուտքի ու ամավարկի յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Քընաան յայտարարեց, որ նախագահ Աուն պիտի չստորագրէ մաքսային տոլարի փոխարժէքի յաւելումին վրայ, նախքան քաղաքացիները եւ տնտեսութիւնը պատրաստելը այդ քայլին: Ան աւելցուց, որ այդ յաւելումը տեղի պիտի ունենայ աստիճանաբար: Ըստ Քանաանի, յաւելումին հարցը կը քննարկուի նախագահին, կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան կողմէ:

 

Քընաան վստահեցուց, որ քաղաքացիներուն վրայ նոր տուրքի բեռ պիտի չաւելցնեն: Ան հարց տուաւ, թէ քաղաքացին ուրկէ՞ պիտի վճարէ տուրքի յաւելումները, եթէ երկրին տնտեսութիւնը սառած է:  Ըստ Քընաանի, 2022-ի ամավարկին մէջ բացը պիտի հասնի 20 հազար միլիառ լիբանանեան ոսկիի: Անդրադառնալով լիբանանեան ոսկիի փոխարժէքի տարբեր համեմատութիւններուն, ան ակնարկեց, որ լիբանանեան ոսկիի փոխարժէքը ամերիկեան տոլարին դիմաց չի կրնար մէկ ըլլալ, այնքան ատեն որ տնտեսութիւնը կը գտնուի ներկայ անկումային վիճակին մէջ: Տնտեսութեան բարելաւումն է որ պիտի առաջնորդէ լիբանանեան ոսկիի փոխարժէքի մէկ ըլլալուն: Քընաան յայտարարեց, որ այս տարուան ամավարկը պիտի ըլլայ երկրին տնտեսութիւնը քաոսէն դէպի կարգ ու կանոն տանող: Ան տակաւին բարեկարգումի ամավարկ չի կրնար համարուիլ, որովհետեւ բարեկարգում սկսելու համար կարգ ու կանոնի համեմատ պիտի աշխատցուի:

Ներկայ տնտեսական կացութեան մէջ ան անկարելի նկատեց ամսականներու մեծ յաւելում, որովհետեւ այդ քայլը յաւելեալ բեռ պիտի դնէ արդէն հիւծած տնտեսութեան վրայ: Ամավարկը հայելին է երկրի տնտեսական վիճակին:

Share61Tweet38
Previous Post

ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՀԱՐՍՏԱՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՇՈՒՈՅՆ

Next Post

ՀՈՔՇԹԱՅՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ

Next Post
ՀՈՔՇԹԱՅՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ

ՀՈՔՇԹԱՅՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.