Լիբանանի ՙmea՚ օդանաւային ընկերութեան օդաչուները յետաձգեցին իրենց ընդհանուր ժողովը, որ պիտի որոշէր գործադուլին թուականը, բողոքելու համար իրենց աշխատանքի պայմաններուն դէմ: Անոնք ընդառաջեցին փոխադրութեան նախարար Համիյէին ու ՙՄիտըլ Իսթ՚ ընկերութեան տնօրէնութեան նամակին, ուր կայ խոստում իրենց պահանջքը գոհացնելու: