Հայաստանի բնութեան հրաշալիքներէն ՙԽոսրովի անտառ՚ պետական արգելոցն ու ՙԴիլիջան՚ ազգային փարքը ընդգրկուած են ՙForbes՚-ի առաջարկած նախընտրելի զբօսաշրջային վայրերու ցանկին մէջ: ՙԿովկասի բնութեան հինգ գրաւիչ հրաշալիքները՚ խորագրով հրապարկման մէջ հեղինակը կ՛առաջարկէ վայելել ազգային փարքերու եւ բնութեան արգելոցներու տպաւորիչ գեղեցկութիւնը:
Ներկայացնելով ՙԽոսրովի անտառ՚ պետական արգելոցը, կը նշուի, որ այն ստեղծուած է 300-ական թուականներուն Խոսրով 3-րդ թագաւորին կողմէ հիմնուած անտառի տարածքին մէկ մասին վրայ:
ՙԱրդի շրջանին գիհիի եւ կաղնիի ծառերով հարուստ այս անտառային տարածքը յայտնի է բուսական եւ կենդանական աշխարհի բազմազանութեամբ, գիշատիչներով` գայլ, լուսան, գորշ արջ: Երջանիկ այցելուները կրնան տեսնել նաեւ ընձառիւծներ՚, ըսուած է հրապարկման մէջ:
Հայաստանի բնութեան հրաշալիքներէն յաջորդ առաջարկը ՙԴիլիջան՚ ազգային փարքն է, որ հարուստ է հսկայական անտառներով, դարաւոր կառոյցներով` Հայաստանի սրտին մէջ: Տարածաշրջանը կ՛առանձնանայ տիպիկ հայկական թռչուններով, կաթնասուններով, երկկենցաղներով, սակայն զբօսաշրջութեան համար այս ամենանշանակալի տեսարժան վայրը կապուած է տեղի բնակիչներուն հետ:
ՙԴիլիջանի մէջ կը գտնուին բազմաթիւ պատմական կրօնական կառոյցներ, այդ շարքին՝ Հաղարծին վանքը, ինչպէս նաեւ Գոշավանքը` հսկայական համալիր, որ կառուցուած է մօտ 800 տարի առաջ: Բնութեան հրաշքը վայելելէ զատ այցելուները կրնան զբօսնել Դիլիջան քաղաքին մէջ, որ կ՛առանձնանայ իր ինքնատիպ ճարտարապետութեամբ՚, կը գրէ ՙForbes՚-ը: