Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուած են եկեղեցականներու նոր նշանակումներ:
Հոգեշնորհ Տ. Ղեւոնդ աբեղայ Սաղաթէլեանը, ազատուելով Հառիճավանքի Թրբանճեան Ընծայարանի տեսուչի պաշտօնէն, ծառայութեան կոչուած է Իրաքի հայոց թեմին մէջ:
Արժանապատիւ Տ. Ադամ քահանայ Մովսիսեանը ծառայութեան նշանակուած է Իրաքի Հայոց թեմին մէջ: