Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր փոխքարտուղար Վերա Սոնկոյ յայտնեց« որ վերջերս Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի ծիրին մէջ« կարելի պիտի ըլլայ 23 միլիոն թոն ուքրանական հացահատիկ արտածել արտաքին շուկայ: Ան յոյս յայտնեց« որ այս քայլը դուռ կը բանայ սննդամթերքի գինի նուազումին: