Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք ցորենի շտեմարանը մեծ վնաս կրած էր եւ դարձած էր անգործածելի: Ներկայիս անոր փլուզումը օրերու հարց է ըստ երեւոյթին: Լիբանանեան բանակը սկսած է առնել կանխազգուշական միջոցներ եւ թոյլ չի տար որ մէկը անոր մօտենայ 150 մեթր տրամագիծով: Նաւահանգիստի թիւ 7 եւ 8 նաւամատոյցները փակուեցան այս պատճառով: