Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄԱԿ-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

July 28, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄԱԿ-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի նախագահ Ապտուլլա Շահիտը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը, նախագահ Խաչատուրեան բարձր գնահատած է Ապտուլլա Շահիտի արդիւնաւէտ առաջնորդութիւնը Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանի ընթացքին:

ՙՈւրախ եմ ողջունելու Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Ձեր այցը համընկած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան 30-ամեակին հետ: Այդ 1992 թուականի Մարտ ամիսն էր: Սակայն Դեկտեմբերին կրկին նշանաւոր իրադարձութիւն ունինք նշելու, քանի որ ՄԱԿ-ի գրասենեակի բացումը տեղի ունեցաւ 1992 թուականի Դեկտեմբերին,- ըսած է նախագահ Խաչատուրեանը: -Երբ ձեռք բերինք անկախութիւն, ՄԱԿ-ի անդամ դառնալը մեր ցանկութիւններէն մէկն էր, որովհետեւ մենք կը հասկնայինք, որ մեր պետութեան հետագայ զարգացումը առանց ՄԱԿ-ի հետ համագործակցութեան հնարաւոր չէ: Այս 30 տարիներու մեր պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ մենք իսկապէս ՄԱԿ-ի աջակցութեամբ հասած ենք յաջողութիւններու, որոնք մեծ նշանակութիւն ունեցած են մեր պետութեան կայացման համար: Կ՛ուզեմ առանձնայատուկ նշել ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացումը, որում ՄԱԿ-ի դերը շատ մեծ եղած է: Այս 30 տարիներու ընթացքին մեր պետութիւնը աշխուժօրէն համագործակցած է ՄԱԿ-ի բոլոր կառոյցներուն հետ, իրականացուցած է տարբեր ծրագրեր, որոնք հիմնականին մէջ ուղղուած էին աղքատութեան, անհաւասարութիւններու վերացման, ինչպէս նաեւ իրաւական կայուն պետութեան կայացման:

Համոզուած եմ, որ Ձեր այցելութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ մեր հետագայ համագործակցութեան, առաւել եւս, որ Ձեր նախագահութիւնը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանի ընթացքին տպաւորիչ է, քանի որ Ձեր ջանքերը ուղղուած են համավարակէն յետոյ աշխարհի մէջ յարաբերութիւններու կամ տնտեսական կեանքի վերականգման, միջազգային հանրութեան համախմբման՚:

Ապտուլլա Շահիտ շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է այցելել Հայաստան այն ժամանակահատուածին մէջ, երբ կը նշուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան յոբելենական 30-ամեակը: Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի հետ ունեցած բոլոր ծրագրերը պիտի շարունակեն իրականացուիլ` ուղղուած քաղաքացիներու կեանքի բարելաւելման:

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Ապտուլլա Շահիտ անդրադարձած են տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերուող հարցերու: Նախագահը բարձրացուցած է Ատրպէյճանի մէջ մինչ օրս պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու անյապաղ հայրենադարձութեան առնչուող հարցեր: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի նախագահը ողջունած է խաղաղութեան հաստատման ուղղուած Հայաստանի ջանքերը, նշած է, որ երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութեան հաստատումը լայն հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար:

Share61Tweet38
Previous Post

ԿԱԶԻ ՍԱԿԱԳԻՆԻ ԶԳԱԼԻ ՍՂԱՃ

Next Post

ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ՙՓԱՌՔ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ՚ ՔԱՆԴԱԿԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Next Post
ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ՙՓԱՌՔ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ՚ ՔԱՆԴԱԿԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ՙՓԱՌՔ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ՚ ՔԱՆԴԱԿԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

March 24, 2023

ՙՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՚ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

March 24, 2023

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

March 24, 2023

ՄԱՀԱԶԴ

March 24, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.