Եգիպտոսի ֆութպոլի բաժակի 2021 տարուան մրցաշարքի աւարտական մրցումին արձանագրուեցաւ հետեւեալ արդիւնքը.
– Ալ Ահլի – Զամալէք 1-2
Առաջատար ՙԶամալէք՚ շահեցաւ տիտղոսը, յաղթելէ ետք 3-րդ դիրքը գրաւող ՙԱլ Ահլի՚ին: Կիսապաշտպան Զիզօª 6-րդ եւ կիսապաշտպան Իմամ Աշուրª 31-րդ վայրկեաններուն նշանակեցին ՙԶամալէք՚ի կոլերը« թունուզցի Ժազիրիի եւ Զիզոյի փոխանցումներով: 55-րդ վայրկեանին« փոխարինող յարձակող Հոսամ Հասան նշանակեց ՙԱլ Ահլի՚ի կոլը:
Եգիպտոսի բաժակի մրցաշարքը սկսած է 1921 թուականին: Տիտղոսը շահած են ՙԱլ Ահլի՚ª 37 անգամ« ՙԶամալէք՚ª 28 անգամ« ՙԱլի Իթթիհատ Աղեքսանդրիա՚ եւ ՙԹըրսանա՚ª 6-ական անգամ ու 8 այլ ակումբներ աւելի քիչ անգամ: