Ըստ ՙՊլումպըրկ՚ պատկերասփիւռի կայանին« Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին քիչ ժամանակ մնացած է ընտրութիւններէն առաջ դրական ազդեցութիւն ունենալու տնտեսութեան վրայ: Տնտեսագէտներ Էրտողանէն պահանջած էին աւելցնել պարտքին տոկոսը սղաճը կարենալ զսպելու համար: Սակայն նախագահը իր ձեռքին մէջ կը պահէ Կեդրոնական դրամատան որոշումը եւ ցած կը պահէ տոկոսը, երկրին մէջ ներդրում ապահովելու համար: Ցած տոկոսի պատճառով ալ թրքական լիրան կ’արժեզրկուի ամերիկեան տոլարին դիմաց: