Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ 1/4-ՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

ՇՈՒԷՏ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ ՀԱՍԱՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

July 25, 2022
in Մարզական
0
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ 1/4-ՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

 

Եւրոպայի կիներու ֆութպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումին, աշխարհի երկրորդ դասուած Շուէտի հաւաքականը մրցեցաւ Պելճիքայի դէմ, Մանչեսթըր քաղաքի ՙԼէյ՚ մարզադաշտին վրայ: Շուէտ հզօր կազմ էր եւ հաւասարակշռուած մրցումի ընթացքին կրցաւ կատարել 9 դիպուկ ու 13 անկիւնային հարուած: Մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ 90+2-րդ վայրկեանին ՙԵուվենթիւս՚ի պաշտպան Լինտա Սեմպրանթի միջոցով: Պելճիքա կատարեց 2 անկիւնային հարուած միայն: Շուէտ տարաւ յաղթանակ դժուար եւ լաւ պաշտպանութիւն ունեցող մրցակիցի մը դէմ ու անցաւ կիսաւարտական հանգրուան: Այս հանգրուանի չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Ֆրանսայի հաւաքականը մրցեցաւ Հոլանտայի զօրաւոր կազմին դէմ, հարաւային Եորքշայր նահանգի, Ռոտըրհէմ քաղաքի մարզադաշտին վրայ: Հաւասարակշռուած մրցումին, ֆրանսացիները քիչ առիթ տուին հոլանտացիներուն դիպուկ հարուած կատարելու: Ֆրանսա կրցաւ կատարել 13 դիպուկ ու 10 անկիւնային հարուած, որոնցմէ կոլ չկրցաւ նշանակել շնորհիւ Հոլանտայի անվրէպ պաշտպանութեան: Հոլանտան կատարեց 1 դիպուկ ու 5 անկիւնային հարուած: Մրցումին հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ առանց կոլերու: Երկարաձգումի 101-րդ վայրկեանին հոլանտացի պաշտպան Եանսըն խաղի կանոնի խախտում կատարեց տուգանային հրապարակին մէջ եւ ՙՉելսի՚ի պաշտպան Փերիսէ նշանակեց Ֆրանսայի կոլը տուգանային հարուածով: Ֆրանսա յաղթանակ տարաւ դժուար եւ անզիջող մրցակիցի մը դէմ ու անցաւ կիսաւարտական հանգրուան: Ստորեւ տեսնել արձանագրուած արդիւնքները.

– Շուէտ – Պելճիքա 1-0

– Ֆրանսա – Հոլանտա 1-0 յետ երկարաձգումի

Ռմբարկուներ. 1) Պ. Միտ-Անգլիա 5 կոլ, 2) Ա. Փոփ-Գերմանիա 4 կոլ, 3) Ա. Ռուսսօ-Անգլիա 3 կոլ

Կիսաւարտական հանգրուանին պիտի մրցին հետեւեալ խումբերը.

Անգլիա – Շուէտ եւ Գերմանիա – Ֆրանսա

Share61Tweet38
Previous Post

ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԵՒ ՍԱՆՈՍԵԱՆ ՄԻՏՔԵՐ ՓՈԽԱՆԱԿԱԾ ԵՆ ՆՈՐ ԱԹՈՄԱԿԱՅԱՆԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Next Post

ԻՒՐՈՓԱ ՔՈՆՖԸՐԸՆՍ ԼԻԿԻ ԶՏՈՒՄԻ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԵՐԹ

Next Post

ԻՒՐՈՓԱ ՔՈՆՖԸՐԸՆՍ ԼԻԿԻ ԶՏՈՒՄԻ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԵՐԹ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.