Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կամ Կլայեցի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետութեան ամենաբեղուն ու լուսաւոր հայրապետներէն մէկն է:
Հոս կը մէջբերենք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին ՙՆախադրութիւնք՝ Խրատական՚ը« որ գրած է ՙՀաւատով Խոստովանիմք՚ աղօթքին սկիզբը.
ՙԱյս է աղօթքը բոլոր քրիստոնեաներուն. ըլլան մեծ թէ փոքր« որ պէտք է սորվին ամէնքը եւ սորվեցնեն իրարու. քահանաները՝ ժողովուրդին« հայրերը՝ տղայոց« մայրերը՝ աղջկանց եւ ընկերները՝ միմիանց: Ասով պիտի աղօթեն օրը հինգ անգամ« իւրաքանչիւր պահուն՝ տասներկու ծնրադրութեամբ« առաւօտուն« ճաշի ժամուն« ցերեկին« երեկոյին եւ գիշերը՚:
Միայն ՙՀաւատով Խոստովանիմ՚ աղօթքը բաւարար է վարկ բերելու համար սիրելի Հայրապետին: Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել աղօթքին գրաբար եւ աշխարհաբար տարբերակները:
Հաւատով Խոստովանիմ
Հայր երկնաւոր« Աստուած ճշմարիտ« որ առաքեցիր զորդիդ քո սիրելի ի խնդիր մոլորեալ ոչխարին« մեղայ յերկինս եւ առաջի քո. ընկալ զիս որպէս զանառակ որդին« եւ զգեցո՛ ինձ զպատմուճանն զառաջին՝ զոր մերկացայ մեղօք. եւ ողորմեա՛ քո արարածոց եւ ինձ՝ բազմամեղիս:
Հայր երկնաւոր« Աստուած ճշմարիտ« որ Քու սիրելի Որդիդ ղրկեցիր« մոլորեալ ոչխարը փնտռելու համար« մեղայ երկինքի դէմ եւ Քու առջեւդ. ընդունէ զիս իբրեւ անառակ որդին եւ հագուեցուր ինձ առաջին պատմուճանը« զոր վրայէս հանեցի մեղքերուս պատճառաւ. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ ե՛ւ ինձ՝ բազմամեղիս:
(Շարունակելի)
ՙՀայոց Հին Գրականութեան Պատմութիւն՚« Մանուկ Աբեղեան« Տպ. Սեւան« 1968