Ռուսիոյ ֆութպոլի 2022-2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցումները սկսան: Ստորեւ տեսնել առաջին հանգրուանի արդիւնքները.
– Խիմքի Մոսկուա – Զենիթ Ս. Փեթեր. 1-1
– ԲԿՄԱ Մոսկուա – Ուրալ Եքաթ. 2-0
– Կրոզնի – Սպարտակ Մոսկուա 1-1
– Թորփետօ Մոսկուա – Սոչի 1-3
– Քրասնատար – Ֆաքէլ Վորոնէժ 2-2
– Տինամօ Մոսկուա – Ռոսթով 1-1
Իր կատարած առաջին մրցումին« ախոյեան ՙԶենիթ՚ը իր դաշտէն դուրս հաւասարեցաւ ՙԽիմքի՚ի հետ: Հայաստանի հաւաքականի յարձակող Էտուարտ Սփերցեանի մաս կազմած ՙՔրասնատար՚ը իր դաշտին վրայ հաւասարեցաւ նորեկ Վորոնէժի ՙՖաքէլ՚ին հետ: Սփերցեան մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին եւ 40-րդ վայրկեանին նշանակեց խումբին երկրորդ կոլը: Խորէն Պայրամեանի մաս կազմած ՙՌոսթով՚ը լաւ ձեւով սկսաւ« երբ իր դաշտէն դուրս հաւասարեցաւ զօրաւոր ՙՏինամօ Մոսկուա՚ին հետ: Պայրամեան հիմնական կազմին մէջն էր եւ փոխարինուեցաւ 58-րդ վայրկեանին: Այս տարեշրջանի նորեկներն են ՙՕրենպուրկ՚ը« Վորոնէժի ՙՖաքէլ՚ը եւ Մոսկուայի ՙԹորփետօ՚ն« որ առաջին դասակարգ վերադարձաւ երկար բացակայութենէ ետք: