Հայ եկեղեցին հինգ տաղաւոր տօներէն երրորդը` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան (Պայծառակերպութեան) տօնը այս տարի կը նշէ Կիրակի, 24 Յուլիս 2022-ին:
Արդարեւ, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ,
նախագահութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու Աստուածորդւոյն` Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան յիշատակութեան եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Քրիստոսի մեզի փոխանցած պատգամով ու հոգեւոր արժէքներով: