Իրաքի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը թրքական ուժերու կողմէ Զախօ շրջանին մէջ զբօսաշրջային համալիրի ռմբակոծումը դատապարտեց խիստ ոճով եւ զայն համարեց երկրի գերիշխանութեան ոտնակոխում: Իրաքի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը կառավարութենէն պահանջեց դադրեցնել թրքական ռմբակոծումը իրաքեան Քիւրտիստանի շրջաններու վրայ« քիւրտ զինեալներու գոյութեան պատրուակով: Ռուսական ՙՍփութնիք՚ լրատու գործակալութիւնը յայտնած էր« որ չորս զբօսաշրջիկ սպաննուած էին եւ 10 հոգի վիրաւորուած էր թրքական ռմբակոծումին պատճառով: