ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Երեւանի քաղաքային վարչութեան եւ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին կողմէ իրականացուած հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու հետեւանքով բացայայտուած է անօրինական գաղթի կազմակերպմամբ զբաղող հերթական յանցաւոր խումբը:
Խումբ մը անձեր, շահադիտական նպատակով, երկու եւ աւելի անձերու անօրինական գաղթը կազմակերպելու դիտաւորութեամբ, նախնական համաձայնութեան գալով Երեւան քաղաքին մէջ գործող զբօսաշրջական գործակալութեան ղեկավար կազմին հետ, կատարելով դերերու բաշխում, իւրաքանչիւր անձի հաշուարկով 20-26 հազար տոլարի դիմաց կազմակերպած են ՀՀ շարք մը քաղաքացիներու անօրինական մեկնումը օտարերկրեայ պետութիւններ եւ Շէնկէնեան համաձայնութեան երկիրներ` այդ նպատակով մեկնող անձերու անուամբ պատրաստելով աշխատանք ունենալու, աշխատավարձի չափի, այլ եկամուտներու, անշարժ ու շարժական գոյքերու վերաբերեալ կեղծ փաստաթուղթեր, որոնք ներկայացուած են Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ գտնուող իրաւասու մարմիններուն:
Նախաքննութեան ընթացքին քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ անօրինական գաղթի կազմակերպմամբ զբաղող յանցաւոր խումբի անդամներու բնակարաններուն, ինքնաշարժներուն, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական գործակալութեան մէջ կատարուած խուզարկութիւններով յայտնաբերուած եւ վերցուած են բազմաթիւ կեղծ կնիքներ, դրոշմներ, փաստաթուղթեր, փաստաթուղթերու դատարկ ձեւանմուշներ, օտարերկրեայ պետութիւններ անօրինական մուտքի թոյլտուութիւն ստացած քանի մը տասնեակ քաղաքացիներու կողմէ վճարուած առանձնապէս մեծ չափերով գումարներու վերաբերեալ գրառումներ պարունակող նօթատետրեր, ելեկտրոնային կրիչներ:
Կը նշուի, որ յանցաւոր խումբի անդամները իրենց յանցաւոր մտադրութիւնը աւարտին հասցնելու համար չեն խորշած նոյնիսկ պետութեան հեղինակութիւնն ու միջազգային վարկանիշը էապէս խաթարող այնպիսի կեղծ տեղեկութիւններ ներկայացնելէ, ինչպիսիք են քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած` անձերու որոշ խումբերու նկատմամբ Հայաստանի մէջ քաղաքական հետապնդումներու ենթարկուելու, իշխանութիւններուն կողմէ բռնաճնշումներ գործադրելու եւ այլ մտացածին նոյնաբնոյթ հանգամանքներու վերաբերեալ:
Մասնաւորապէս` վարոյթին մէջ առկայ փաստական տուեալներով հաստատուած է, որ խումբին անդամները շարք մը անձերու տրամադրած են նախապէս մշակուած բնագրեր այն մասին, թէ իբր Հայաստանի մէջ 2018 թուականէն յետոյ գործող իշխանութիւններուն կողմէ քաղաքական ճնշումներ սկսած են Հանրապետական կուսակցութեան անդամներու եւ անոնց աջակիցներուն նկատմամբ, որուն հետեւանքով չեն դիմացած հալածանքներուն, հետապնդումներուն եւ հարկադրուած լքած են հայրենիքը, որուն առիթով հրահանգաւորումներ կատարած եւ յորդորած են քաղաքացիներուն` նոյնութեամբ չկրկնել բնագրի բովանդակութիւնը: Աւելին, խումբին անդամները նախապէս մշակուած բնագրերուն մէջ յատուկ շեշտադրումներ կատարած են այն մասին, որ քաղաքական հայեացքներով պայմանաւորուած` յիշեալ անձերու կեանքին ու ազատութեան վտանգ կը սպառնայ, անոնք կորսնցուցած են իրենց առեւտուրը եւ այլ մտացածին կեղծ տեղեկութիւններ` հայցելով օտարերկրեայ կառավարութեան` քաղաքական ապաստան տրամադրել իրենց:
Նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած փաստական տուեալներու հիման վրայ հսկող դատախազին կողմից որոշում կայացուած է յանցաւոր խումբի անդամներէն 6-ին նկատմամբ անօրինական գաղթի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ կեղծ փաստաթուղթեր, կնիքներ պատրաստելու եւ օգտագործելու համար ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու մասին, անոցնմէ չորսին նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը, մէկ անձի նկատմամբ կիրառուած է գրաւ, իսկ մէկին նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:
Քրէական վարոյթով նախաքննութիւնը կը շարունակուի, կ՛իրականացուին քննչական անհրաժեշտ գործողութիւններ եւ գործնական հետախուզական միջոցառումներ` դէպքի բոլոր հանգամանքները, յանցաւոր սխեմայի մէջ ներգրաւուած անձերու ամբողջական շրջանակը պարզելու եւ անոնց նկատմամբ քրէաիրաւական ներգործութեան միջոցներ կիրառելու համար:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը զգուշացնէ, որ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ այսուհետ եւս համարժէք միջոցներ պիտի ձեռնարկուի` ՀՀ քաղաքացիներու` օտարերկրեայ պետութիւններ մուտքը ապօրինի ճանապարհով կազմակերպող յանցաւոր խումբերու բացայայտման ու մեղաւորները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ, միաժամանակ կը տեղեկացնէ, որ նշուած յանցաւոր արարքի համար ՀՀ քրէական օրէնսգիրքով նախատեսուած է ազատազրկում` 4-8 տարի ժամկէտով: