Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱԿ-Ի ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ

July 20, 2022
in Հայաստան
0
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱԿ-Ի ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ

 

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Քրիսթինէ Ուայկանտի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են աշխատանքի եւ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ շարունակական համագործակցութեան, մասնաւորապէս` ոլորտային ռազմավարութիւններու մշակման, անապահովութեան գնահատման համակարգի վերանայման, խնամատարութեան հիմնարկի զարգացման, երեխաներուն տրամադրուող ծառայութիւններու բարելաւման առնչուող շարք մը հարցեր:

Բարձր գնահատելով հիմնադրամին հետ տարիներու համագործակցութիւնն ու իրականացուած ծրագրերու արդիւնաւէտութիւնը` նախարար Նարեկ Մկրտչեան շեշտած է կազմակերպութեան դերը` յատկապէս 2020 թուականի պատերազմին հետեւանքով Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ գտնուող երեխաներու աջակցութեան տրամադրման գործին մէջ:

Անդրադառնալով նախարարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներուն` նախարարը ընդգծած է Աշխատանքի եւ ընկերային պաշտպանութեան 2022-2026 թուականներու համապարփակ ռազմավարութեան մշակման ուղղութեամբ հիմնադրամին հետ համատեղ իրականացուող աշխատանքներու կարեւորութիւնը.

ՙՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը նախարարութեան աջակցած է նաեւ անապահովութեան գնահատման համակարգի, ՙԸնկերային աջակցութեան մասին՚ օրէնքի վերանայման եւ շարք մը այլ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուի հարցով եւս: Կազմակերպութեան անմիջական եւ գործուն աջակցութեամբ` կ՛իրականացնենք ծրագրեր նաեւ երեխայի` ընտանիքին մէջ ապրելու իրաւունքի իրացման, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, կեանքի դժուարին իրավիճակի մէջ յայտնուած երեխաներուն տրամադրուող ծառայութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ՚:

Քրիսթինէ Ուայկանտի խօսքով` Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը բազմոլորտ է, ուր ամենակարեւոր ուղղութիւններէն մէկը ընկերային ռազմավարութեան մշակումն է.

ՙՆախարարութեան հետ համատեղ իրականացուած աշխատանքները շատ լաւ կիրառում էին մեզի համար: Պատրաստակամ ենք շարունակելու օժանդակել նախարարութեան ինչպէս համապարփակ ռազմավարութեան իրականացման, այնպէս ալ Միասնական ընկերային ծառայութեան զարգացման ռազմավարութեան մշակման աշխատանքներուն մէջ՚:

Հանդիպման աւարտին կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են համատեղել ջանքերը` քննարկուած հարցերու ուղղութեամբ անհրաժեշտ աշխատանքներու իրականացման համար:

Share61Tweet38
Previous Post

ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՆՄՈՒՇ ԿԻՒՄՐԻԻ ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

Next Post

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆՆ ՈՒ ՄԻԽԱԻԼ ՄԻՇՈՒՍԹԻՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՓՈԽԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Next Post
ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆՆ ՈՒ ՄԻԽԱԻԼ ՄԻՇՈՒՍԹԻՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՓՈԽԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆՆ ՈՒ ՄԻԽԱԻԼ ՄԻՇՈՒՍԹԻՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՓՈԽԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.