Սրի Լանքայի նախագահի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս ստանձնած Ռանիլ Ուիքրէմէսինղ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց երկրին մէջ: Յիշեցնենք« որ Սրի Լանքա կը բոլորէ քաղաքական եւ ապահովական անկայուն շրջան մը« նախկին նախագահի երկրէն փախուստին եւ ժողովրդային բողոքի շարժումներու լոյսին տակ: Բողոքի շարժումները երէկ թեւակոխեցին իրենց 101-րդ օրը: ՙՊայքար՚ արշաւը 9 Ապրիլէն սկսեալ համացանցային միջոցներով կը կազմակերպէ ժողովրդային բազմամարդ հաւաքներ եւ անհնազանդութեան շարժումներ« պահանջելով ընկերատնտեսական իրավիճակի բարելաւում: