Կանանց միջազգային օրուան առիթով, անգամ մը եւս պոռթկում կ՚ունենանք ոչ թէ կանանց անցեալին նսեմացման հարցը արծարծելով, այլեւ` ընդհակառակը, այս օրը աստիճանաբար մոռացութեան տալու ընդհանրական միտումները ընդնշմարելով:
Սեռային հաւասարութեան, կանանց իրաւունքներուն եւ յանուն կիներու աստուածաշնորհ առաքելութեան մղուած պայքարները տեւած են դարեր շարունակ: Մայրիշխանութեան կարճատեւ ժամանակաշրջանը միայն կրնայ մեղմացնել այս հակասութիւնը, որմէ ետք սեռային խտրականութիւնը անասելի խաւարամտութեան փաստեր արձանագրած է ամէնուրեք: Ընկերային, ընտանեկան եւ ազգային կեանքի յոյժ կարեւոր երեւոյթ մըն է այս, որ անտեսելով չէ որ կարելի է լուծել, այլեւ` խոհեմ, հանդուրժող եւ տրամաբանող քայլեր առնելով: Հոս ո՛չ կիրքը եւ ո՛չ ալ աւան դամոլութիւնը մղիչ գործօններ կրնան ըլլալ: Օրակարգը իր բարւօք լուծումը կը գտնէ, երբ սառնասրտօրէն կը դատենք այն` ինչ որ պէտք է դատենք խելամտօրէն եւ համապարփակ կերպով:
Ինչո՞ւ եւ ուրկէ՞ կու գար այս անարդար մօտեցումը եւ որո՞նք էին շահագրգռուած այս շիլ խտրականութեամբ: Չէ՞ որ ժամանակը եկաւ ցոյց տալու, որ կիներ եւս կրնան դառնալ գրական դէմքեր թէ պետական գործիչներ, ընկերային ծառայողներ, դասախօսներ ու գիտնականներ, մարզուհիներ, ինչու չէ դիւանագէտներ եւ ռազմուհիներ. մի՞թէ պատմութեան մէջ քիչ են յեղափոխական ու մարտնչող կիները:
Տղամարդու մարմնեղ կառոյցն ու ֆիզի քական առաւելութիւնը, անիմաստօրէն, գերակայութեան բարդոյթ ստեղծեցին իր մէջ. առաւել` կրօնական սեղմումները, յետադէմ հոգեւորականներու քարոզները, մանաւանդ Արեւելքի մէջ, յաւելեալ անշքացուցին կնկան դերը. կարգ մը վարչակարգերու մէջ նուաստացուցին անգամ` մեծապէս վիրաւորելով գեղեցիկ սեռը: Անհեթեթութեանց երկար ցուցակ մը կարելի կազմել այս առնչութեամբ:
Ի՜նչ վարկաբեկիչ եւ խաւարամոլ մտածելակերպ, երբ սաղմին մէջ խլրտող պտուղը կը պարզուի թէ դուստր է, կը վիժեն զայն, աւելի ստոյգ, կը սպաննեն սաղմնաւորուող աղջիկը որպէս անցանկալի էակ: Ո՞ր տրամաբանութեան մէջ կարելի է տեղաւորել այս մանկասպան միտումը, չարութիւնը, իրօք կը մնայ անըմբռնելի: Մինչդեռ` անոնք մայրեր են, քոյրեր, տան տիկիններ, որոնց մէջ տղամարդուն համահաւասար կերպով կրնաք գտնել վարչագէտը, արուեստագէտը, դաստիարակը, գիտնականը, հասարակական եւ ընկերային անձնդիր գործիչը: Ուստի, դարերու հոլովոյթին, մտային ու հոգեբանական կարծրացած գաղափարներ վերացնելու, չէզո քացընելու եւ սպառսպուռ ջնջելու համար, անհրաժեշտաբար կարիքն զգացուեցաւ Մարտ 8-ին առաջնորդող յառաջադէմ շարժումին:
Երբ ակնարկ մը նետենք հայ կարկառուն կանանց հայասիրական, մարդասիրական, մարտական եւ մայրական առաքինութեանց վրայ, ուղղակի կ՚ափսոսանք թէ ինչո՞ւ անցեալին խտրականութիւն դրսեւորուած է կանանց նկատմամբ: Եւ ո՞վ կրնայ կռահել կամ հաշուարկել, թէ ինչքա՜ն կին արժէքներ խամրեցան առանց ամբողջապէս նուիրուելու հասարակական կեանքին. հազիւ դողդոջ քայլեր եւ երկչոտ նկրտումներ ունեցան տղամարդուն խոժոռ եւ քամահրող հայեացքներուն դիմաց: Սա աղաղակող եւ քանդիչ ախտ մըն էր, որ կը վարակէր թոյնի նման:
Եզակի գրողներ չէի՞ն Սիպիլն ու Զապէլ Եսայեանը, որոնք գրական նորովի ճաշակ եւ ուղի ակօսեցին հայ գրականութեան: Տղամարդէ աւելի հուժկու տողերով եւ յախուռն ոճով աշխատաւոր դասակարգին տառապանքն ու շահերը չներկայացո՞ւց բանաստեղ ծուհի Շուշանիկ Կուրղինեան: Ազգասիրութեան ու հայրենապաշտութեան սերունդներու քարոզիչը չդարձա՞ւ Սիլվա Կապուտիկ եան: Գրական կեանքի մէջ իր խիզախ եւ համարձակ տեսակէտներով իւրայատուկ ներկայութիւն չդարձա՞ւ հրապարակագիր Սիրան Սեզա. նոյնպէս Պոլսոյ մէջ` Հայկանուշ Մառք: Հականացիական պայքարի թէժ բովէն քաջաբար չանցա՞ւ նահատակ գրող Լուիզա Ասլանեան (ԼԱՍ): Հայ երգարուեստի մէյ մէկ դեսպանուհիներ չդարձա՞ն խորհըրդային օրերու պայծառանուն բեմի սոխակները. նոյնիսկ ճարտարապետներու, նկարչուհիներու եւ քանդակագործուհիներու ոսկէ փաղանգ մը տողանցեց հայոց կերպարուեստի ճանապարհէն:
Այս առթիւ, յատուկ կարեւորութեամբ կ՚ուզենք յիշել հայ յեղափոխութեան հրեղէն դէմքերը` որոնք ազատագրական պայքարին նախամայրերը կարելի է համարել: Արեանու զէնքի մկրտարանին մէջ օծուած քա ջու հիները` Սօսէ մայրիկէն մինչեւ Սասնոյ հերոսու հի առասպելատիպ Շաքէն, Մարօ Նազար բէկեանէն մինչեւ Ռուբինա Արեշեան եւի մասնաւորի Մառի Պէյլէրեան, որ եղաւ արի խմբագիրը առաջին հայ կանանց թեր թին` «Արտէմիս»ի` ի Եգիպտոս. որ մասնակցեցաւ ու ելոյթ ունեցաւ Գում Գաբուի եւ Պապը Ալիի հանրածանօթ ցոյցերուն. հալածուեցաւ, գրեց եւ ուսուցանեց օսմանեան իշխանութեան քիթին տակ եւ ապա Մեծ Եղեռնի ամբուռքին նահատակուեցաւ Եւդոկիայի մէջ` ուր կը պաշտօնավարէր հայկական դպրոցին մէջ:
Կանանց միջազգային օրը բացառիկ հընչեղութեամբ ու տարողութեամբ կը նշուէր Խորհըրդային Միութեան մէջ: Այդ վարչա կար գի տակ էր որ կինը անկաշկանդ կը յառաջդիմէր, կ՚աշխատէր ու կը բանէր հաւասարութեան սկզբունքներով: Աշխարհ հետեւեցաւ ասոր եւ յատուկ տեղ յատկացուց կանանց օրուան համար: Բայց, նկատելի է, որ կամաց-կամաց կը նեղնայ շրջանակը զայն յիշողներուն: Սկսած է դառնալ սովորական օր մը, հազիւ ոմանց համար յիշելի: Արդէն այս ալ միւս ծայրայեղութիւնն է կանանց հադէպ. անտարբերութիւն մը անընդունելի. ապերախտութիւն մը պախարակելի: Երէկ արհամարհանք էր, այսօր` անհոգութիւն:
Երկուքն ալ մեղադրելի:
Այս առթիւ պարտաւոր ենք մեր խոնարհումն ու յարգանքը արտայայտելու այն մայրերուն, կանանց, որոնց մէկ կամ աւելի հարազատ տղամարդը ինկած է հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան պայքարին:
Ինչքա՜ն արջնազգեստ մայրեր ու կիներ կը սգան նահատակութիւնը իրենց որդւոց, զաւակաց եւ կողակիցներուն: Այդ էգ առիւծ ներն էին որ նորօրեայ հերոսներ ընծայեցին ազգին ու հայրենիքին: Ո՞վ պիտի յիշէ, ոգեւորէ, մխիթարէ կանանց այս խաւը, որ երէկ ամուր էր իր տղամարդով, այսօր կքած եւ կթոտած ոտքերով է իր անդառնալի կորուստով: Եւ ի՜նչ լաւատեսութիւն, կամք ու կորով, երբ նահատակեալ որդիի դիմաց, շատ մը մայրեր նորածին որդիներու ճիչերով գեղեցկացուցին իրենց ամայացած օճախները, նոր կեանքերով իմաստաւորեցին իրենց վիշտն ու մորմոքը: Յարգա՛նք այդպիսի մայրերու եւ անընկճելի՛ կանանց:
Կանանց միջազգային օրուան այս բարեպատեհ առիթով` բի՜ւր ողջոյններ` հայոց հանիներ, մայրեր, կիներ, քոյրեր եւ դուստրեր: