Դպրոցական աւարտական հանդիսութիւնները եղած են կեանքի հաճելի պահերէն մէկը, եղած են յիշատակելի եւ պատմական, որովհետեւ մանուկներ եւ պարմաններ յուզմունքի եւ ուրախութեան զգացումներով միախառն կը նշեն իրենց մեծ յաջողութիւններու եւ նոր ուղիներուն սկիզբը։
31 Մայիս 2026-ը այդ յիշատակելի օրերէն մէկն էր, երբ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Կիլիկեան հաստատութեան մանկապարտէզի եւ 6-րդ կարգի 105-րդ հունձքի հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Սուրիոյ Հիւսիսային շրջանի Վարիչ մարմինի անդամներուն, անոր յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեամբ ծնողներու եւ հիւրերու։

Հայաստանի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Կիլիկեան հաստատութեան մանկապարտիզպանուհի տիկ. Նանոր Գոնճայեան Տաղլեանը։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մանկապարտէզէն ներս կատարուող աշխատանքներուն եւ արդի մանկավարժական ըմբռնումի եւ հիմքերու գործունէութիւններուն, ապա անդրադարձ կատարեց օրուան թեմային շուրջ, ուր փոքրիկները որպէս նաւաստիներ պիտի գովերգէին ծովերուն, լիճերուն եւ գետերուն խորքերը գտնուող գեղեցիկ եւ հետաքրքրական աշխարհը։
Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ մանուկներուն կատարած հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն խմբերգներով, որուն յաջորդեցին գեղեցիկ ու զարդարուն բեմայարդարման համաշունչ՝ ալիքներու, նաւաստիներու եւ հայկական պարերը, մէջբերումներ ունենալով մանկապարտէզի եւ 6-րդ կարգի աշակերտներու հայերէն եւ արաբերէն արտասանութիւններու կատարողութիւնները, արաբական պարը եւ երգը։
Գեղեցիկ խաղարկութեամբ, մանկապարտէզի փոքրիկ դերակատարները գունագեղ եւ ձկնակերպ տարազներով հանդէս եկան «The Fisherman» թատրոնով, հանդիսատեսը փոխադրելով դէպի ջուրերուն խորքերը գտնուող հրաշալի աշխարհը։
Վերջընթեր օղակն էր 6-րդ կարգի շրջանաւարտներուն տպաւորիչ արտայայտութիւններով, գեղեցիկ ապրումներով եւ տեսերիզի պատկերներով առընթեր, ներկայացուած Գէորգ Էմինի «Յաւերժի Ճամբորդը» ստեղծագործութիւնը, ներկաները փոխադրելով դէպի Մայր հայրենիք, դէպի մեր մշակոյթը եւ մեր դարաւոր պատմութեանը։
Կարելի չէր չյիշատակել Կիլիկեան հաստատութեան հիմնադրման 105-ամեակը, հետեւաբար 6-րդ կարգի շրջանաւարտները հակիրճ կերպով ներկայացուցին Կիլիկեան կրթօճախին պատմութիւնը, յիշատակեցին հիմնադիրներուն եւ տնօրէններուն առաքելական գործունէութիւնները եւ ապա վերանորոգեցին իրենց ուխտը բարի երթ մաղթելով Կիլիկեան կրթօճախին։

Որպէս «Հուսկ բանք», խօսք առաւ Կիլիկեան հաստատութեան տնօրէնուհի օրդ. Վարդուկ Չաթալպաշեանը։ Ան հպարտանքի եւ ակնածանքի խոնարհում յղեց Կիլիկեան հաստատութեան հիմնադիրներուն եւ 105 տարիներու ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցող նուիրեալ ծառայողներուն, որոնց անսակարկ զոհողութեան շնորհիւ Կիլիկեանը գոյատեւեց դար մը։
Ան բարձր գնահատեց ուսուցիչներուն հետեւողական ուսուցման աշխատանքները, որոնց արգասիքը եղան այսօրուան հունձքը, ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, թելադրեց ըլլալ տիպար ու ջանասէր հայորդիներ եւ հաւատարիմ զաւակներ Կիլիկեանի ուխտին։
Հասած էր վկայականներու տուչութեան պահը։ Մանկապարտէզի եւ 6-րդ կարգի շրջանաւարտները, զուգահեռ տեսերիզի պատկերներու, հանդէս եկան ուղղերձներով, ապա ստացան իրենց վկայականները։ Տեղի ունեցաւ նաեւ Զ. կարգի գերազանց աշակերտներու պարգեւատրում եւ Ա. կարգէն մինչեւ Զ. կարգի հայերէնի գերազանցիկ աշակերտներու գնահատանքի բաշխում, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Արհեստագործների Միութեան» կազմակերպած ցուցահանդէս-մրցոյթին մասնակցած եւ յաջողութիւն ձեռք ձգած Դ. կարգի աշակերտուհիին «Պատուոյ Գիր»-ի տուչութիւնը։
Հանդէսը իր աւարտին հասաւ յոտնկայս «Կիլիկեանի Քայլերգ»-ի երգեցողութեամբ, հանդիսատեսը դուրս գալով գոհունակ եւ խանդավառ տրամադրութեամբ:

